Պոդքասթի մանրամասները
Եկէք անկեղծ խօսինք
Սագօ Արեան
Նկարագրություն
Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը: Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային, հասարակական գործիչներ՝ հետաքրքրական եւ խորաթափանց զրոյցներու: Այս զրոյցներու միջոցով ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեանը, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն: Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:
Մանրամասներ
Փոդքասթի վերջին դրվագները
76 դրվագները հասանելի են · Էջ 1 8-ից
| Դրվագ և բովանդակություն | Ամսաթիվ | Տևողությունը | Լսիր |
|---|---|---|---|
|
Մարալ Փանոսեան - «Կեանքս Դժոխք էր, Արուեստը Փրկեց Զիս»․ Լիբանան, Հայաստան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #76
🇱🇧🇦🇲Լիբանանը չձգելու աղօթքը. Ինչո՞ւ հիւրը բնաւ չ’ուզեր ստիպուած ըլլալ հեռանալ Լիբանանէն, եւ ինչո՞ւ Հայաստանը կը նկատէ իր երկրորդ հայրենիքը։ 🇱🇧🇦🇲Անճարի բացառիկութիւնը. Ինչո՞վ Այնճար գիւղը կը տարբերի ամբողջ Լիբանանի մէջ՝ իր մնայուն արժէքներով։ 📖🎨Բառերէն դէպի վրձին. Ինչպէ՞ս գոյնը, գիծն ու ձեւը դարձան ինքնարտայայտման երկրորդ միջոց՝ երբ բառերը այլեւս բաւարար չէին։ 👩🏫Ուսուցիչին դերը կեանքին մէջ. Ինչպէ՞ս ուսուցիչ մը կրնայ ստիպել սիրել նիւթը եւ «աստուածացնել» զայն, կամ ընդհակառակը՝ քանդել ու ոչնչացնել։ 🏫Յաջողութեան թիւերը. Ինչպէ՞ս 35 աշակերտով սկսած գործը մէկ տարուան ընթացքին հասաւ 217-ի՝ ունենալով նոյնիսկ սպասման ցանկ։ 🇱🇧🇦🇲Լիբանանահայ գաղութի երէկն ու այսօրը. Կէս միլիոննոց համայնքէն մինչեւ շուրջ 10 տոկոս. ի՞նչ մնացած է Սփիւռքի երբեմնի սիրտէն եւ որո՞նք են այսօրուան «խենթերը»։ Երկու հայրենիքներու Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-11-22 | 1:04:26 | Լսիր |
|
Բագրատ Էսդուգեան - «Ես Թուրք Չեմ, Ես Հայ Եմ» Հրանդ Տինք, Եկեղեցի Եւ Դրամ | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #75
🇦🇲Հայաստան գալու զգացումը. Հայաստանը վայելելը մեծ հարստութիւն է, մեր նախնիներու կեանքը չբաւարարեց տեսնելու այս օրերը։ 🇦🇲🇪🇺Երեւանի դիմագիծը. Երեւանը փառաւոր քաղաք է, Արեւմտեան Եւրոպայի ցանկացած քաղաքի համազոր եւ նոյնիսկ շատ աւելի գեղեցիկ քաղաք է։ 🇦🇲🇹🇷Հրանդ Տինքէն առաջ եւ ետք. Եթե մեր կեանքը պիտի նկարագրենք, ինծի համար կայ Հրանդ Տինքէն առաջ եւ Հրանդ Տինքէն ետք. ամէնքս Հրանդի չափ հզօր կերպով կ՚ատենք մարդկութեան դէմ յանցագործութեան հեղինակները։ 🇦🇲🇹🇷Սահմաններու բացման սպասումը. Մինչեւ ե՞րբ Հայաստանը պիտի սպասէ, որ այս սահմանները բացուին, եւ արդեօք ո՞րն է թրքական քաղաքականութեան կեղտոտ երեսակը։ ⛪️Եկեղեցին եւ իշխանութիւնը. Մի՞թե եկեղեցին միշտ դրամ, հարուստներ եւ իշխանութիւններ կը սիրէ, թէ՞ Հայաստանի մէջ իրավիճակը բոլորովին այլ է։ Օլիկարխական համակարգը. Մինչեւ երեսուն տարի շատ լաւ գացած յարաբերութ Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-11-08 | 1:07:22 | Լսիր |
|
Արա Միհրանեան - 6100 Տարուայ ՀայկականԳինին, Հայկականութիւն, Հայրենադարձութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #74
🍷👩🏻Գինին եւ կինը. Գինիի եւ կնոջ միջեւ զուգահեռներ, գինիի տեսակներու եւ գոյներու բազմազանութեան արժեւորումը։ 🇦🇲Հայկական գինիի առաքելութիւնը.Հայկական գինիի պատմութեան ներկայացումը, անոր ճանաչելիութեան բարձրացումը եւ հայկական գինիի հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն ստեղծելը։ 🇦🇲🍷Աշխարհի ամենահին գինեգործարանը. Հայաստանի մէջ աշխարհի հնագոյն գինեգործարանի յայտնաբերումը եւ հայկական գինեգործութեան պատմական նշանակութիւնը։ Հայրենիք վերադարձի որոշումը. Արա Միհրանեանի վերադարձը Հայաստան, 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն Երեւան հաստատուիլը եւ հայրենիք վերադառնալու որոշումը։ Արմենիզմը որպէս փրկութիւն.Հայամէտութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայութեան ապագայի կերտման ուղի։ 🇦🇲🤝Հայերուն միաւորելու դժուարութիւնը. Հայութեան համախմբման մարտահրաւէրները եւ ընդհանուր ազգային նպատակներու Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-11-03 | 58:58 | Լսիր |
|
Ստեփան Փարթամեան - «Ես Աստուած Չունիմ»․ Հայկականութիւն, Ովքե՞ր Են Ապուշները | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #73
«Ո՞վ է Ստեփան Փարթամեանն այսօր». Հայկական վարժարաններու ուսուցիչներէն մինչեւ ինքնութեան փնտռտուք Ինչո՞ւ ազգային ինքնութիւնը դարձած է սիրողական ու մակերեսային «Ես Աստուած չունիմ, հայկականութիւն ունիմ». 🇦🇲«Ես Հայկական բարձրավանդակէն դուրս դրուած բնակիչ եմ». Կովկասցի՞, թէ՞... 🇦🇿🇦🇲🇹🇷«Ո՛չ ազերին, ո՛չ թուրքը, այլ... հայաստանցիին ձեռքով» . Ծրագիրը կամաց-կամաց կ'իրականանայ ո՛չ թէ ադրբեջանցիին կամ թուրքին, այլ հենց հայաստանցիին ձեռքով 📖«Մինչեւ ե՞րբ Նարեկացի, Սեւակ, Չարենց պիտի կարդանք, ո՞ւր են մեր նոր գրողներն ու մտաւորականները. «Մեծ հայրս կրակին մէջ նետեցին... ու այրեցին». Հայկական դատարկ «պրավօ»-ներու հեգնանքը. Ո՞րն է աշխարհի ամենահին առեւտուրը, ո՞ր ազգն է ամենահինը․ «Յոգնա՞ծ ես հայ ըլլալէդ, ինչո՞ւ ճամբադ չես փոխած» Ծննդեան եւ մահուան միջեւ ինկած կեանքը. «Կեանքէն ինծի ի’նչ մնաց․ ինչ որ տուի ուրիշ Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-10-12 | 1:02:28 | Լսիր |
|
Ռաֆֆի Պետիկեան - Կուսակցութիւններու Պատերազմ, Գերմանիոյ Համայնք, Մելգոնեան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #72
🇦🇲Անձնական փոխակերպում. Ինչպէ՞ս Հայաստան այցելութիւնը փոխեց հայեացքները եւ նպաստեց աւելի լայնախոհ ու ազգային մտածողութեան ձեւաւորման։ Ընտանեկան յիշողութիւն եւ ցաւ. «Իմ մայրս փորձած են սպաննել. Անձնական պատմութիւն եւ ընտանեկան վէրքեր։ 🇨🇾🇦🇲Մելգոնեան վարժարանի հիմնախնդիրը. Ինչո՞ւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շուրջ բոլոր ջանքերը արդիւնք չտուին, եւ ինչո՞ւ դպրոցին հարցը կը մնայ իբրեւ չբուժուող վէրք։ 🧠Կրթութիւն, թէ՞ ելեւմուտք. «Կրթութիւնը դրամով չի չափուիր». ինչո՞ւ հայ մարդը մեր գլխաւոր դրամագլուխն է, եւ ինչո՞ւ սխալ է դպրոցը դիտարկել իբրեւ շահոյթի աղբիւր։ 🇩🇪🇦🇲Գերմանիոյ հայ համայնքը. Ինչպէ՞ս կը գնահատուի հայկական կեանքը Գերմանիոյ մէջ, եւ ինչպիսի՞ ներուժ ունին Հայաստանէն եկած հայրենակիցները։ 🌐🇦🇲Սփիւռք-Հայրենիք կամուրջներ. Ինչպէ՞ս ստեղծել երկխօսութիւն, ներգրաւել Սփիւռքի ներուժը եւ չմերժել զիրար՝ ի Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-10-05 | 1:04:04 | Լսիր |
|
Հայր Վահան Օհանեան - Մխիթարեան Միաբանութիւն, Նուիրուիլ Աստծոյ, Հաւատք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #71
🇻🇦Մխիթարեան միաբանութեան ուղին. Ինչպէ՞ս 13 տարեկանէն կ՚ընտրեն այս ուղին, եւ ինչպէ՞ս ձեւաւորուած են միաբանութեան աւանդոյթները։ 🤲Աստուծոյ ընտրութիւնը. «Ո՛չ թէ ես ընտրեցի, այլ Քրիստոս զիս ընտրեց»․ ինչպէ՞ս կը ձեւաւորուի հոգեւոր կոչումը։ Մխիթար Սեբաստացիի աննախադէպ վաստակը. Ինչպէ՞ս Մխիթար Աբբահայրը իր կենդանութեան օրոք հրատարակեց 52 հսկայական հատորներ, որոնք հիմք դրին ժամանակակից հայագիտութեան։ 📖Մխիթարագիտութեան անհայտ էջերը. Ինչո՞ւ այսօր քիչ գիտենք Մխիթարեան միաբաններու հսկայական գրական ու գիտական ժառանգութեան մասին, եւ ինչպէ՞ս պէտք է վերարժէւորել զայն։ Սեւանայ կղզիի տեսիլքը. Ինչպէ՞ս Մխիթար Սեբաստացիի Սեւանայ կղզիին վրայ տեսած տեսիլքը դարձաւ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնաքարը, որով կը շարունակեն ապրիլ մինչեւ այսօր։ Ո՞վ է հայու զաւակը. «Ով որ հայու զաւակ է, մեզի համար հարազատ է»․ միաբանութեան հիմ Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-09-28 | 1:02:11 | Լսիր |
|
Արման Antic Մարգարեան - Ինչպէ՞ս Խնդացնել Հարիւրները, «Հայկական Ցաւեր» | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #70
🎭 Կատակերգութեան եւ երաժշտութեան միջեւ. Ինչո՞ւ Անթիք սկզբնական շրջանին լուրջ չէր վերաբերեր կատակերգութեամբ զբաղելու քրոջ խորհուրդներուն։ 🌴 «Դրախտի երկիր» Լոս Անճելըս. Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ ԱՄՆ եւ ինչպէ՞ս փոխուեցաւ իր կեանքը։ 🏫 Public School-ի տարիներն ու ինքնապաշտպանութիւնը. Դպրոցական կռիւները, ինքնահաստատման խնդիրները եւ տարբերութիւնը Կլենտէլի միջավայրէն։ 📱 Ընկերային ցանցերու ճնշումը. Երբ կը հասկնաս, որ այլեւս քեզի համար չես ապրիր, այլ հետեւորդները (follower-ները) զբաղեցնելու համար։ 💔 Ցաւալի կորուստ. Ընկերոջ անժամանակ հեռանալը կեանքէն։ 🇦🇲 Հայաստան գալն ու վերալիցքաւորուիլը. Ինչպէ՞ս Հայաստանը ոյժ կու տայ, եւ ի՞նչ պատահեցաւ գալէն մէկ շաբաթ ետք։ 😄 Կատակով ու հումորով. Ի՞նչ կարելի է «տանիլ» Հայաստանէն ԱՄՆ։ 🔴 Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք ԱՄՆ ապրող կա Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-09-20 | 1:11:58 | Լսիր |
|
Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69
🇦🇲1990 Հոկտեմբեր 6-ին առաջին անգամ Հայաստան այցելելէ ետք հայրենիքի մէջ վերջնականապէս ապրելու որոշումը: 💰Արդեօ՞ք դրամով կարելի է առողջութիւն գնել, թէ՞ դրամը միայն կ՛օգնէ լաւագոյն բժիշկներուն դիմելու: 🤖Ի՞նչ դեր ունի արհեստական բանականութիւնը ախտորոշման մէջ, եւ որո՞նք են վտանգները: 🇦🇲Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միախառնումը որպէս բնական եւ անխուսափելի գործընթաց: 🥂Ո՞րն է ոգելից խմիչքի չափաւոր օգտագործման եւ առողջ ապրելակերպի ճիշդ սահմանը: 🇦🇲Հայաստանի մէջ սեռային կեանքի վերաբերեալ տարածուած թիւրիմացութիւններն ու ատոնց սրբագրումը: 💪Առողջութեամբ զբաղելու անհրաժեշտութիւնը ծննդեան օրէն մինչեւ կեանքի վերջ՝ կարեւորելով ոչ թէ միայն ապրած տարիներու քանակը, այլեւ որակն ու առողջ ապրիլը: Ո՞վ է մեղաւոր առկայ պարտութիւններուն մէջ, եւ ինչպէ՞ս դժուարութիւնները վերածել ինքնաքննադատութեան, վերագնահատման ո Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-09-06 | 1:07:57 | Լսիր |
|
Ալին Պզտիկեան - ԱՄՆ - Հայաստան, Արեւմտահայերէն, Մանկագրութիւն, Կրթութիւն| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #68
🇦🇲Հայաստանի մասին լուրերն իրակա՞ն են, թէ՞ երկիրն է փոխուած։ 🇺🇸🇦🇲Լոս Անճելըսը Հայաստա՞ն է, թէ՞ Հայաստանն իր տեղն է ու հոն չէ փոխադրուած։ 👨🏫Ներշնչող ուսուցիչը. ի՞նչ ներշնչումներ ձգած է Մուշեղ Իշխանը։ 🇺🇸🇦🇲ԱՄՆ-ի հայկական դպրոցներու խնդիրները. վաղ տարիքի մանկական գրականութիւնն ընդդէմ թուային սարքերո՞ւ։ 🧩Սեղանի հայերէն խաղերու նշանակութիւնը Սփիւռքի մէջ։ Արեւմտահայերէնը «հաց կը կերցնէ՞». անցեալին եւ ներկայիս անոր դերը։ 🇦🇲Արեւմտահայկական դպրոցն անհրաժե՞շտ է Հայաստանի մէջ։ ⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք մանկագիր, մանկավարժ՝ Ալին Պզտիկեանի հետ։ Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-08-30 | 1:00:46 | Լսիր |
|
Ժոզէֆ Գրիգորեան - Փոլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը, Երգ, Սփիւռք, Լիբանան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #67
🇦🇲«Սիրահարուած եմ Հայաստանին»․ Ժոզէֆ Գրիգորեանը՝ Հայաստան այցելելու եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած սիրոյ մասին: 🇺🇸🇱🇧Առաջին քայլերն ԱՄՆ-ի մէջ . 1995 թուականին ԱՄՆ մեկնելու, առաջին փորձառութեան եւ ամերիկեան կեանքի առաջին տպաւորութիւններուն մասին: 💬Փօլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը. Ո՞վ էր Փօլ Պաղտատլեանը իրականութեան մէջ, ինչպէ՞ս զինք կ՚ընկալէին մարդիկ եւ ինչպիսի՞ն էր ան որպէս անհատականութիւն ու ընկեր: Ինչո՞ւ կարեւոր է արուեստագէտն ու մարդը գնահատել իր կենդանութեան օրօք: 🇱🇧🇸🇾🇦🇲Սփիւռքի տարբեր համայնքներու (Լիբանան, Հալէպ, Իրան եւ այլն) եւ Հայաստանի հանդիսատեսին քաջալերանքն ու սէրը, որ ստեղծագործական ուժ կու տան: 🎙«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի ընթացքին լիբանանեան ծագումով ամերիկաբնակ երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեան կը պատմէ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ իր կեանքէն եւ գործունէութենէն։ Տեխնիկական մանրամասներ
|
2026-08-23 | 1:08:53 | Լսիր |
Ավելին Սագօ Արեան-ից
Այս ստեղծողի կողմից այլ հրապարակված փոդքաստներ ներկայումս հասանելի չեն:
Նմանատիպ փոդքաստներ
Փոդքասթի տվյալները և արվեստի գործերը պատկանում են դրանց ստեղծողներին և հրատարակիչներին: Այս կայքը տրամադրում է միայն գրացուցակի տվյալներ և աղբյուրի հղումներ: