Պոդքասթի մանրամասները

Եկէք անկեղծ խօսինք

Սագօ Արեան

Նկարագրություն

Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը: Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային, հասարակական գործիչներ՝ հետաքրքրական եւ խորաթափանց զրոյցներու: Այս զրոյցներու միջոցով ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեանը, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն: Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:

Մանրամասներ

Փոդքասթի վերջին դրվագները

76 դրվագները հասանելի են · Էջ 3 8-ից

Դրվագ և բովանդակությունԱմսաթիվՏևողությունըԼսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #56 | Սէրուժ Պաղտասարեան (C-rouge) | Ինքնութիւն, Հայկական Ոգի, Երաժշտութիւն

🎼Զգացումներ, ուժ եւ ոգի… Ինչի՞ մասին է իր երաժշտութիւնը։ 🇦🇲Երեւանի մէջ տրուած համերգը կը խօսէր նոր ձայնի մը մասին։ 🇱🇧Պէյրութը այլ միջավայր է, հանգստութիւն կու տայ։ 🇦🇲Ինչո՞ւ Հայաստան գալ, ի՞նչ պատճառներով եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։ 🎵🇦🇲Ո՞րն է իրական հայ երգը եւ ի՞նչ յատկանիշներ պէտք է՝ զայն որպէս հայ երգ ներկայացնելու համար։ Մեր հիւրին պատգամը՝ «Սիրեցէ’ք հայ եւ մնացէ’ք» հայ։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան անկեղծ զրոյց մը ունեցած է. լիբանանահայ երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
0cd2e041ed24f90205ccb85d4792e31d7ae85b642fb6a95f6ea9aeb562140e21
2025-12-07 42:44 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #55 | Արա Սանճեան. Պատմութիւն, Հայու Ինքնութիւն, Կրթութեան Կարեւորութիւն

🇦🇲Ջանք կայ՝ Հայաստանի պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու։ Նոր չեն պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու փորձերը։ Շատ մը պարագաներու այսօր տեղի ունեցող դէպքերը կը փոխառընչենք անցեալի դէպքերուն։ Պապ Թագաւորի օրինակը եւ Փաշինեան-Գարեգին Բ. լարուածութիւնը ուղղիղ կապ մը չունին, բայց հասարակութիւնը միշտ կը փորձէ կառչիլ անցեալի պատմութենէն եւ անցեալի դէպքերէն։ Պատմութիւնն ի վերջոյ ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ Հայաստանի մասին մեծ-մեծ խօսիլը կամ անցեալը յիշատակելը ոչ այնքան դրական է, քան՝ բարձր մակարդակի կրթութեան տիրացած ըլլալը։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է պատմաբան, համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Արա Սանճեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
dff736b07805760aaa3f7c7d328704a0183e47067b38b43a7d3d54d41799d8d3
2025-11-17 1:06:25 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #54 | Սօսէ Ալեքսա Գրիգորեան. Արեւմտահայերէն, Երուսաղէմ, Հայութեան Ապրած Տագնապներ

🎥Մեր հիւրն ի՞նչ պայմաններու տակ սկսաւ տեսանիւթեր արձանագրել։ Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը։ 🇦🇲Հայաստանը ի՞նչ փոխած է իր մէջ։ Մեծ թիւով հայաստանցի օգտատէրեր ի՞նչ կարծիք յայտնած են անոր պատրաստած տեսանիւթիւներուն մասին։ ✈Օդանաւը ինչպէ’ս եւ ո’վ «հանած է», ինչի՞ մասին է խօսքը։ 🇦🇲🇮🇱Երուսաղէմի հայութեան ապագային մասին։ Որո՞ւ կարիքն ունինք այսօր եւ ինչո՞ւ։ Հայերն ի վերջոյ խելացի՞ են։ ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երգչուհի, պլոկըր Սօսէ Ալեքսա-Գրիգորեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
0091a69d12415d61d0f140bce82770d99955f20ebfe868956ac906b25af81ec4
2025-11-08 1:01:41 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #53 | Տիգրան Գաբոյեան. Հալէպ, Արեւմտահայ Գրականութիւն, Սփիւռքի «Անորոշութիւն»

🇸🇾Հալէպէն խոյս տալ եւ խուսափիլ, ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ։ Հալէպ «նոր վերադարձ»ը բոլոր առումներով տարբեր եղաւ, հինէն եկած կապուածութիւնը վերակենդանացաւ։ «Ես խղճացի Հալէպ»ին. ըսաւ մեր հիւրը։ Վերջին գրողները արեւմտահայ գրականութեան. ինչո՞ւ վերջին։ Հայաստանի մէջ գիտե՞ն արեւմտահայ գրականութեան մասին։ 🇺🇸Լոս Անճըլըս. «նոր յո՞յս», թէ՞ «նոր իրավիճակ։ 🇦🇲Երեւանի մէջ «Արեւմտահայկական ճաշարա՞ն», թէ՞ «Արեւմտահայերէն դպրոց»։ Սփիւռքը պատրա՞ստ է Հայաստանին իր «տոլարներ»ը տալու։ Ի՞նչ է «Պարոն սփիւռք»ի ուզածը այսօր։ Հզօր սփիւռք մը ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանին։ Հայաստանն ի վերջոյ ինչքա՞ն ժամանակի մէջ կը դառնայ հզօր երկիր եւ հզօր պետութիւն։ ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ հալէպահայ բանաստեղծ եւ լրագրող՝ Տիգրան Գաբոյեանի հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
45c246a3fe5f4b67a0b8900e479c7cc3b0fa685850fcc39e3176b65527c0dad5
2025-10-26 55:04 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #52 | Հրայր Զաքարեան | Փօլ Պաղտատլեան, Ատիս, Հայ Երգի «Ոսկեայ Օրեր», Լիբանան

🇸🇾🇱🇧🇺🇸Գամիշլիէն Պէյրութ եւ Պէյրութէն Միացեալ Նահանգներ. Դժուար ճանապարհ եւ հայու ճակատագիր 🎼Հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը կիրք է խորքին մէջ։ Ի՞նչ միջոցներով Հրայր Զաքարեան մեծ յաջողութիւններու հասաւ։ 🇱🇧Լիբանանի վիճակը ծանր է այս օրերուն, սակայն գաղութը կը շարունակէ ապրիլ… 🇺🇸Որո՞ւ կը հեռաձայնէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Հայ երգի վիճակը անմխիթա՞ր է։ Փօլ Պաղտատլեանը եւ Ատիսը կերտեցին արդի երգի «Ոսկեայ տոմար»-ը։ 🇦🇲Ո՞ւր սխալեցաւ հայութիւնը եւ ի վերջոյ՝ ինչո՞ւ պատրաստ չէինք Արցախի պատերազմին։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մշակութային գործիչ, կազմակերպիչ՝ Հրայր Զաքարեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
67c65ff06f279c1421eac243e2630336cf000e53469dc278ac3a38374760c3d6
2025-10-17 39:34 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #51 | Կարօ Պուլտուքեանը՝ Սիկարի Մշակոյթին Եւ Garo Cigars-ի Մասին

Քալել, անվերջ քալել. Քալելը միայն ապրելաոճ չէ, այլ՝ տարերք։ 🇺🇸Ի՞նչ պայմաններու տակ ան հասաւ Միացեալ Նահանգներ ու նաեւ՝ Հարաւային Ամերիկա 🚬Սիկարի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ուրկէ՞ կու գար։ Սիկար ծխելը, ըստ անոր, վատ սովորութիւն մը չէ, այլ՝ կենսակերպ։ Սիկարը նաեւ ապրումի, յաջողութեան եւ բարեկեցութեան խորհրդանիշ է։ 👨‍⚕Հոգեբանի երթալու փոխարէն, կարելի է նաեւ սիկար մը վայելել։ Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պայմաններու ներքոյ Կարօ Պուլտուքեանին յաջողուեցաւ ստեղծել ՝ Garo Cigars-ը։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է ապրանքանիշի տէր, հանրայայտ բժիշկ՝ Կարօ Պուլտուքեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
188d33e50dc02913b3f9cec3b741fa1770b8f8c018c5d9fd44cc1a1eaed1f03c
2025-10-06 48:20 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #50 | Ստեփան Փարթամեան եւ Գէւ Օրգեան | Մշակոյթ, Հայաստան, Խնդուք, Կատակերգութիւն

❓Ո՞վ եւ ինչո՞ւ իրեն ըսած է. «Գէւ, ատ շարժումը ըրիր այսօր, բայց յաջորդին մինէր…»: ✋Ո՞վ ապտակեց Գէւին։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով «ոչխար ժողովուրդ» ենք… 🎵«Թաթուլի մայրաքաղաք»ը ո՞ւր է։ Ի՞նչ պատճառներով Գէւ Օրգեան կը տխրի։ Ստեփան Փարթամեան կը խօսի հայու տեսակի մը մասին, Easy come easy go-ին մասին, որո՞նք են ատոնք։ 🇦🇲«Բոլոր հայերը Պարպատոս երթալու տեղ, Հայաստան թող գան»։ 🇦🇲🇮🇱Հայերու եւ հրեաներու տարբերութիւնները … ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է Ստեփան Փարթամեանի եւ Գէւ Օրգեանի հետ

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
0b114d2ef1b5adeb6cae693afe3de2714c5230296fb4ef548d192f63d114b3d7
2025-09-28 1:11:18 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #49 | Յակոբ Չոլաքեան՝ Քեսապի, Արեւմտահայէրէնի եւ Իրական Հայրենիքի մասին

🇦🇲🇸🇾Նոյ նահապետը եւ Քեսապը. Ի՞նչ է առընչութիւնը։ Մարդ միայն բարեկեցութեա՞ն համար կ՚ապրի։ Հայերը ինչո՞ւ կը փախչին. ի՞նչն է պատճառը։ 🇦🇲🇵🇸Պաղեստինցիները եւ հայերը. ի՞նչ տարբերութիւններ կան։ Միայն դպրոցն է, որ կրնայ պահել մեզ եւ մեր լեզուն։ Չկայ հայրենիք, ուրեմն չկայ հայութիւն։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ քեսապցի գրող եւ հայագէտ՝ Յակոբ Չոլաքեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
4973bd50705585f6eeab17f3a624554fef56cf4c9b854d192b4d925239836166
2025-09-13 41:52 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #48 | Միրա Եարտըմեանը՝ Լիբանանի, Լիբանահայութեան Վախերուն Եւ Հայաստանի Արժէքին Մասին

🇱🇧Ի՞նչ գործընթացներ են Լիբանանի մէջ. Ի՞նչ են ակնկալիքները։ Լիբանանցիք վարժ են տագնապներու մէջէն թիավարելու։ Վերջապէս երկիրը ունեցաւ նախագահ, կառավարութիւն եւ այդ մէկը իր հետ լաւատեսութիւն բերաւ։ Լիբանան ապրիլը ինքնին որոշումի մը մասին կը խօսի։ 🇦🇲Սփիւռքահայերը ինչքանո՞վ կապուած են հայրենիք Հայաստանին։ Հայաստանի մէջ է, որ շատ մը սփիւռքահայեր զիրար ճանչցան եւ ստեղծեցին նոր ու մշտական կապեր։ Սփիւռքի մշակութային զանազանութիւնը հարստութիւն է հայութեան համար։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ համայնքային-միութենական գործիչ՝ Միրա Եարտըմեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
f9de0adce7224644cf726de2113cbeacb5b6b8aeedb72c312357ce53b3ca96d7
2025-09-08 25:57 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #47 | Մարիա Ղարիպեանը՝ Նորաձեւութիւն, Հայրենասիրութիւն Եւ Հայաստանի Մարտահրաւէրներ...

🇸🇾🇦🇲Մեծ է թիւը անոնց, որոնք չդիմացան Երեւանի մէջ ու վերադարձան Հալէպ, հոնկէ ալ հեռացան դէպի եւրոպական ափեր 🇦🇲👗Նորաձեւութիւն. Ինչպիսի՞ն է այդ ոլորտի վիճակը Հայաստանի մէջ, ի՞նչ են խնդիրները Հալէպ, թէ՞ Երեւան. ո՞ր քաղաքն է նախընտրութիւնը։ Երեւանի հանդէպ սէրը… 📲I Phone 16-ը եւ նորաձեւութեան աշխարհը. Ի՞նչ են կապերը Ո՞րն է Մարիա Ղարիպեանի մեծագոյն երազը Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցեց նորաձեւութեան բնորդուհի Մարիա Ղարիպեանին հետ

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
ce32938f50c5f9c550495a7af61d2f6f6eaaa2053a5d5286ea4c3c09b39b304a
2025-08-19 36:45 Լսիր

Ավելին Սագօ Արեան-ից

Այս ստեղծողի կողմից այլ հրապարակված փոդքաստներ ներկայումս հասանելի չեն:

Փոդքասթի տվյալները և արվեստի գործերը պատկանում են դրանց ստեղծողներին և հրատարակիչներին: Այս կայքը տրամադրում է միայն գրացուցակի տվյալներ և աղբյուրի հղումներ: