Պոդքասթի մանրամասները

Եկէք անկեղծ խօսինք

Սագօ Արեան

Նկարագրություն

Բարի գալուստ «Եկէք անկեղծ խօսինք» արեւմտահայերէնով փոդքասթ մը, որ կը վարէ Սագօ Արեանը: Իւրաքանչիւր յայտագրի ընթացքին Սագօն կը հրաւիրէ հայ սփիւռքի նշանաւոր մշակութային, հասարակական գործիչներ՝ հետաքրքրական եւ խորաթափանց զրոյցներու: Այս զրոյցներու միջոցով ունկնդիրները պիտի ծանօթանան հայ համայնքներու հարուստ ժառանգութեանը, մշակութային եւ արդիական խնդիրներուն: Միացէ’ք այս ձայնային ճամբորդութեանը՝ յիշելու այն ձայները, որոնք կը կազմեն մեր անցեալը, ներկան եւ ապագան:

Մանրամասներ

Փոդքասթի վերջին դրվագները

76 դրվագները հասանելի են · Էջ 5 8-ից

Դրվագ և բովանդակությունԱմսաթիվՏևողությունըԼսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #36 | The Bites Blog- ը՝ Հայաստանի մէջ ուտելիքի մշակոյթի, այլ խոհանոցներու մասին

🇦🇲Ինչպէ՞ս ընտրել Երեւանի համադամ ուտելիքները։ Եթէ չկրնաս ուտել ուտելիքդ, ի՞նչ ընել այդ պարագային։ 🍟🥨🍩🍫Ճաշերու տարբերութիւններ, մշակոյթի զանազանութիւն։ Համեղ ճաշ պատրաստելու համար ի՞նչ է հարկաւոր եւ ի՞նչ են թերացումները այդ առումով։ Քանի՞ տեսակ շաուրմա կայ. մեր ճանչցած շաուրման եւ Երեւանի մէջ պատրաստուած շաուրման ինչո՞վ կը տարբերին։ Համը նաեւ մշակոյթ է. այդ առումով սորվելիք կա՞յ։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է The Bites Blog վարողին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
5d7ef31a01e4e67d5171bdc41b1d0c6e377934d300d9504feea9fc9650b26502
2025-04-12 35:38 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #35 | Ռազմիկ Փանոսեանը՝ արեւմտահայերէնի, սփիւռքի եւ «Կիւլպէնկեան»-ի մասին

🤔Այսօր Սփիւռքի մէջ ովքե՞ր են արեւմտահայերէնի իրական պաշտպանները։ Արեւմտահայերէնը ի՞նչ է մեզի համար եւ ի՞նչ տիպի լեզու կը համարուի։ 🇦🇲Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս սխալեցաւ սփիւռքահայութիւնը։ 🤝Միասնութեան հաւատա՞լ, թէ ո՞չ. ի՞նչ է առհասարակ միասնութիւն։ Միասին աշխատի՞լ, թէ՞ բեմերէն ամպագոռգոռ խօսիլ։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան» հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
7a08bd2e7bf00528e75b807c21daeb00c0b60356c9abdf4510efa1b9a9e36229
2025-04-04 50:31 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #34 - Անդրանիկ Քիլիսլեան (Abu Hagop)

Մեծ մօր յորդորը... 🌯Ուտելիքը ինչո՞ւ յիշողութիւն է Ո՞ւր սորվեցաւ խոհանոցի հմտութիւնները Յիշողութիւնը «սեղմել» եւ իրար քով հաւաքել Մսաշոթ, մսալոշ եւ ի վերջոյ՝ լահմաճիւն... Բազում լեզուներ եւ մէկ «պարունակութիւն» Բոլոր գործերը որո՞ւ վստահիլ Ճաշ պատրաստելը մշակոյթ է եւ խորքերուն մէջ հայրենիքը պահելու, պատմութիւնը պահպանելու ճիգը կայ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրոյց մը ունեցած է Անդրանիկ Քիլիսլեանի ( նաեւ յայտնի իբրեւ Ապու Յակոբ) հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
fc6aff7b2f4b6c9c32b8d2b04f7d4acf5fc4fc2eb0e8701be7b89d8c67ce8fbe
2025-03-29 37:49 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #33 - Վարդան Գաբրիէլեան

❓Սփիւռքի մէջ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ դրական կողմը ո՞րն է։ «Հսկայական գործ» ըրած ենք ըսելով, ինչի՞ մասին կ՚ակնարկէ մեր հիւրը։ Որակ եւ քանակ. Ի՞նչ է յարաբերակցութինը։ Կարեւորը յարատեւ աշխատանքն է։ Որո՞ւ խօսքին վստահիլ եւ որո՞ւ՝ ո’չ։ ⭕Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է «Միասին» հարթակի հիմնադիր՝ Վարդան Գաբրիէլեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
f55b9e2b797490a3458936bf0ac1351212e4ba301d33a7be20dc2f5f9cc07237
2025-03-23 59:25 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #32 - Երուանդ Զորեան

Իրական թիւը այն հայորդիներուն, որոնք արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ կը գործեն։ 1️⃣Թիւերը ինչի՞ մասին կը խօսին։ Մեր յաջողութիւնը ինչի՞ մէջ կ՚երեւի։ 🔫«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութեան» հարցը ի՞նչ է։ 🇦🇲Հայաստանը ինչպէ՞ս ապահով պահել։ 🇨🇳🇹🇼Չինաստան-Թայվան «յարաբերակցութիւն»... Դպրոց, հայկական դպրոց եւ այսօրուան արդիական ընտրանքներ։ Մտահոգ ըլլալ, բայց չվախնալ… Ինչո՞ւ այսօր բախտաւոր ենք… ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է «Սինոբսիս-Armenia» կազմակերպութեան նախագահ, Հայկական առցանց համալսարանի հիմնադիր՝ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին հետ

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
a73c5bb136ae4bc2a9951784f41780b217c6389857e856e297b92a2efed16d42
2025-03-14 33:13 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #31 - Ռաֆֆի Տուտագլեան

Ի՞նչն է, որ մարդ արարածին երազներն ու միտքերը «կը յղկէ»։ Վերատեսութիւն յանուն ինչի՞ եւ ինչո՞ւ հիմա։ Մեծագոյն արժէքը մարդուս համար ի՞նչն է։ Ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը խուսափի մեր հաւաքական պարտութեան մէջ իր բաժին պատասխանատուութիւնը ընդունելէ։ 🇦🇲Հայ մարդու առաջին եւ վերջնական կայարանը ո՞ւր է։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է մտաւորական եւ հասարակական գործիչ՝ Րաֆֆի Տուտագլեանին հետ

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
c0779b584c4f34db0bed28ab0d996ac92cd84306d333cdf7f90cdd57d757070d
2025-03-08 28:51 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #30 - Ափօ Սահակեան

🎵Ինչպէ՞ս սիրեց երգն ու երգելը։ 🇦🇲Ի՞նչ կայ ամէն հայու սրտին մէջ։ Անոր եարը ո՞ւր է։ 🇮🇱Երուսաղէմ եւ «փակ դռներ». ի՞նչ հասկնանք։ 🇮🇱🇵🇸Պատերազմէն ետք Կազայի մէջ ի՞նչ պատահեցաւ։ 🇦🇲Հայաստանի մէջ ի՞նչը աւելի յարգուած է, քան Սփիւռքի մէջ։ ⭕️Այս բոլորին մասին լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է սաղիմահայ երգիչ՝ Ափօ Սահակեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
e08817d3b10d145038a65fe722ad44c43f40d7fb0d775270dcec5c9c88b4922f
2025-02-28 43:03 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #29 - Ռուբէն Ճանպազեան

Տարիներու ընթացքին հայ մամուլին մէջ համատարած երեւոյթ դարձաւ արտատպութիւնը։ 📰Կարծէք մրցումի ելած են մեր թերթերը, թէ ո’վ աւելի շատ պիտի արտատպէ։ Լեզուն գործածելու ատեն չպէտք է վախնանք։ Լեզուի «սրբադասումը» միայն վնաս բերաւ մեզի։ 🇨🇦Ես Գանատա ծնած մեծցած եմ, եւ այդ մէկը անկարելի է հերքել կամ ատկէ խուսափիլ։ 🇦🇲12 տարեկանիս առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի, եւ այդ այցելութիւնը զիս կապեց այս երկրին։ Հայաստանը երկիր մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կրնայ ծաղկիլ։ Եւ մեր լեզուն ծաղկեցնելու համար ահագին գործ կայ ընելիք։ ⭕Այս բոլորին մասին լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է գանատահայ հրապարակախօս, «ԹորոնթօՀայ» թերթի խմբագիր՝ Ռուբէն Ճանպազեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
3257897f0ee27bbb84a5fdcb2b4287240b9bd01964c040d58ad8f0777eef4455
2025-02-22 43:09 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #28 - Սեւան Պետրոսեան

🇦🇲Հայ ըլլալու գաղափարը Սփիւռքի մէջ «հիմնուած» է մի քանի հիմնական հանգամանքներու վրայ։ Քրիստոնէութիւն, գրերու գիւտ եւ Ցեղասպանութիւն… Այդ «ինքնութեան փաթեթ»ը ձեւաւորուած էր 1960-ականներու սկիզբը։ Պատերազմը եկաւ եւ այդ փաթեթը «խախտեց»։ Այս բոլորն ինչքան ալ ցաւոտ ըլլան, մեր պատմութեան մէջ ընդամէնը ակնթարթ մըն են։ Սեւան Պետրոսեանը համաձայն է այն գաղափարին հետ, որ ամէնէն աւելի մենք իրար հետ խօսելու կարիքն ունինք։ ⭕️ Նշուած թեմաներուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է Ընկերային աշխարհագրագէտ Սեւան Պետրոսեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
e0e90924de9ab8363809c9524aa5e2ac37e3cbd5424a954ddebffe5e63735a60
2025-02-14 33:37 Լսիր
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #27 - Ժիրայր Բաբազեան

Արտասահմանի մէջ մեր միութիւնները կը շարունակեն մեծ-մեծ խօսիլ։ Յաջողի՞լ կուզէք, դրամը սեղանին դրէք։ 🇦🇲🇷🇺Հայաստանի մէջ ռուսական թատրոն ունինք, բայց արեւմտահայերէնով թատրոն չունինք։ Արեւմտահայերէն թեքումով դպրոց մը ստեղծելը կարեւոր է։ Մեզի համար մտայնութիւնները փոխելը հիմնական մարտահրաւէր մըն է։ Կա’մ կը գերագնահատենք (մենք մեզ) կա’մ ալ կը թերագնահատենք (մեր թշնամիները)։ Մեր թշնամիները մեզի կը յաղթեն, եւ մենք կը շարունակենք հաշուի չառնել մեր շուրջ տեղի ունեցածները։ 🇦🇲🇱🇧Պէյրութը արեւմտահայերէնով հայ թատրոնի սիրտն է։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է դերասան, բեմադրիչ՝ Ժիրայր Փափազեանին հետ։

Տեխնիկական մանրամասներ
GUID
11a489e7f4377271383103ff47c78d5948efaabd15bec5dbfd85de2058a20520
2025-02-08 33:27 Լսիր

Ավելին Սագօ Արեան-ից

Այս ստեղծողի կողմից այլ հրապարակված փոդքաստներ ներկայումս հասանելի չեն:

Փոդքասթի տվյալները և արվեստի գործերը պատկանում են դրանց ստեղծողներին և հրատարակիչներին: Այս կայքը տրամադրում է միայն գրացուցակի տվյալներ և աղբյուրի հղումներ: